2017-05-06 11:53:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդունեց Յոյն Մելքիթ եկեղեցւոյ` գերերջ. Լահհամ Գ Պատրիարքին հրաժարականը


(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետ,  6 մայիս 2017 թուակիր նամակով մը,  ընդունեց  Յոյն Մելքիթներու ՝գերերջանիկ Գրիգոր Գ Լահհամ Պատրիարքի ներկայացուցած ՝հրաժարականը։  

 Սրբազան Հայրը, հիմնուելով եկեղեցական օրէնքներուն վրայ,  Յոյն Մելքիթներու եկեղեցւոյ կառավարիչ նշանակեց Հալէպի թեմի Յոյն Մելքիթներուն  առաջնորդ՝  Արքեպիսկոպոս Ժան Քլեման Ժամպարթ, մինչեւ նոր պատրիարքի ընտրութիւն ։

Ֆրանչիսկոս Պապ Յոյն Մելքիթներու  գերերջանիկ Կրեկորիօ Գ Լահհամ Պատրիարքի յղած նամակին մէջ  իր երախտագիտութիւնը յայտնեց Պատրիարքին, Աստուծոյ ժողովուրդին մատուցած ծառայութեան համար, ինչպէս նաեւ  հովուական մեծ պատասխանատուութեան համար։  Սրբազան Հայրը գրեց թէ , Մելքիթներու պատրիարքին կողմէ՝ հրաժարականի նամակը  ստանալէ վերջ , երկար ժամանակ անոր մասին խոկալէ ետք,  հնարաւոր եւ կարեւոր նկատած է ընդունիլ պատրիարքի հրաժարականը , Յոյն Մելքիթներու եկեղեցւոյ բարիքին համար։

Նամակին մէջ Ֆրանչիսկոս Պապ, ապա շնորհակալութիւն յայտնած է  Մելքիթներու Լահհամ Գ Պատրիարքին՝ Աստուծոյ ժողովուրդին ու եկեղեցւոյ ի սպաս  երկար տարիներուն վեհանձն ծառայութեան համար,  ինչպէս նաեւ միջազգային  հասարակութեան ուշադրութիւնը ՝ Սուրիոյ տագնապին վրայ հրաւիրած ըլլալուն համար, հայցելով Աստուածամօր բարեխօսութիւնը Մելքիթներու Յոյն եկեղեցւոյ համար,  Սրբազան Քահանայապետը որպէս շնորհքի եւ քաջալերանքի  նշան, բոլորին շնորհած է իր առաքելական օրհնութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.